Համբարձում։ Համբարձման Տօն։
Ի՞նչ է խորհուրդը այս պատմական իրադարձութեան։
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի գագաթնակէտն է Համբարձումը։
Անոր Տնօրինական կեանքի առաքելութեան աւարտն է եթէ կ՚ուզենք։
Քրիստոս Իր յարութենէն ետք քառասուն օրեր իր աշակերտներուն հետ եղաւ, խօսեցաւ անոնց, ուսուցանեց, պատգամեց եւ նախապատրաստեց գալիքին, ծառայական ու առաքելական կեանքի աշխատանքային դաշտին բացուելու։
Մէկ խօսքով՝ Քրիստոս պատուիրեց անոնց Իր վկաները դառնալ, փրկութեան բարի լուրը տարածելու ողջ մարդկութեան։
«Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը» (Գործք 1.8)։
Այս խօսքերէն ետք Յիսուս իր աշակերտներուն դիմաց երկինք Համբարձաւ։
Աւարտեցաւ Իր երկրաւոր տնօրինական առաքելութիւնը եւ նոր փուլի մը՝ նոր կեանքի մը սկիզբը դրուեցաւ։
Քրիստոսի համբարձումը կու գայ յիշեցնելու մեզի, որ կարելի էր վերափոխուիլ, այլափոխել մեր կեանքը, հոգին եւ մեր ուղին։ Ան մեզի ուժը կու տայ, կը ներշնչէ եւ կը յուսադրէ վաղուան մեր կեանքի բարելաւման, սակայն փոխակերպելով մեր ընթացքը այլափոխելով ու նորոգելով մեր միտքը, մաքրազարդելով մեր հոգին եւ սիրտը։ Այսինքն՝ առաջնահերթ նկատելը մեր հոգեւոր աճը եւ բնականաբար աշխատիլ մնայունին, յաւիտենական կեանքին ժառանգորդ դառնալու։
Համբարձման տօնը այսօր կը յիշեցնէ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ մենք եւս կրնանք եւ պէտք է դառնանք վկաներն ու դեսպաները մեր Տիրոջ, բարի լուրը տարածելու, Իր սէրն ու կարեցանքը ցոյց տալու մեր նմաններուն՝ մարդուն։
Մեզի կը յիշեցնէ հաւատարիմ եւ զգօն ըլլալ ու պատրաստուիլ Իր վերադարձին, գալուստին։
Եկէ՛ք միասնաբար ունենանք յոյսը փրկութեան եւ վերադարձի։ Առաջնահերթ նկատենք հաւատքի ամրապնդումը, հոգեւոր կեանքի աճը եւ հոգւով փոխակերպելու մեր ընթացքը կեանքի եւ հաւատարմօրէն դառնալու Իր վկաներն ու դեսպանները։
Ահաւասիկ ՆՈՐ ՓՈՒԼԻ ՍԿԻԶԲԸ։
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ