ԱՍՏՈՒԱԾՈՐԴՒՈՅՆ ՓՐԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

— Աստուածորդին ինչո՞ւ համար երկինքէն երկիր իջաւ։
— Ադամն ու իր սերունդը իրենց մեղքերէն փրկելու համար։

— Ի՞նչ կը նշանակէ մեղք։
— Մեղք կը նշանակէ՝ յանցանք կամ վնաս։ Կրօնական իմաստով մեղք կը կոչուին այն բոլոր արարքները որոնք Աստուծոյ պատուիրաններուն հակառակ են։

— Մեղքը ինչպէ՞ս ծագում առաւ մարդկային կեանքէն ներս։
— Մեղքը ծագում առաւ մեր նախածնողաց՝ Ադամին եւ Եւային անհնազանդութեան պատճառով։ Այս առաջին մեղքը կոչուեցաւ Սկզբնական կամ Ադամական մեղք, որ փոխանցուեցաւ իրենց սերունդին (ՅՈՎՀ. ԺԲ. 4-5։ ՍԱՂՄ. Ծ (ԾԱ.) 5։ ՀՌՈՎՄ. Ե. 12)։

— Ադամ եւ իր կինը իրենց մեղքին պատճառով ի՞նչ եղան։
— Ապականեցան եւ իրենց սերունդները կորսնցնելով զրկուեցան դրախտի երանութենէն ու Աստուծոյ ներկայութենէն։

— Աստուած Ադամը դրախտէն դուրս հանելով ի՞նչ ըսաւ։
— «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ… հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (ԾՆՆԴ. Գ. 17, 19)։

— Ինչո՞ւ համար Աստուած Ադամը մահուան դատապարտեց եւ դրախտէն դուրս հանեց։

— Աստուած Ադամին ապականեալ մարմինը մահուան դատապարտեց անոր հոգին փրկելու համար։ Եթէ Ադամ ետ հող չդառնար, իր ապականեալ մարմինովը պիտի ապրէր յաւիտեան, եւ ընդմիշտ անէծքի ու դատապարտութեան տակ մնալով՝ պիտի զրկուէր Աստուծոյ ողորմութեան վերապրումէն։ Աստուած Ադամը դրախտէն դուրս հանեց որպէսզի ան կեանքի ծառի պտուղէն ուտելով իր ապականեալ մարմինը անմահացնէր եւ վիճակակից չդառնար սատանային եւ անոր դեւերուն։