ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ի առաւօտ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ` Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի եւ Արժ. Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեանի, այցելեց եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութիւնը:

Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ դպրոցի տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քաջալերական խօսքը արտասանեց եւ գնահատեց պատասխանատուներուն կողմէ կատարուած կրօնաբարոյական դաստիարակութիւնը:

Աւարտին, փոքրիկները մանկական հարցումներ ուղղեցին. Սրբազան Հայրը ամենայն ուրախութեամբ պատասխանեց բոլորին հարցումներուն: