ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՔԵՊԷԳԻ «ՍԱՆԱՀԻՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԼՈՅԹԻՆ

Շաբաթ, 17 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ներկայ գտնուեցաւ Համազգային Քեպէգի «ՍԱՆԱՀԻՆ» մասնաճիւղի կազմակերպած կրտսերներու «Գարնանային Ծաղիկներ» խորագրով տարեկան ելոյթին։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերակցեցաւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։

Մշակութային այս բարձրորակ ձեռնարկին, իրենց տաղանդը բեմին վրայ ծաղկեցուցին շուրջ 230 երեխաներ ու պատանիներ։

Ելոյթի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքն ու գնահատանքը։

Առաջին հերթին, ան գնահատեց եւ արժեւորեց Համազգային Քեպէգի «ՍԱՆԱՀԻՆ» մասնաճիւղի վարչութեան նուիրեալ աշխատանքը՝ ի ծառայութիւն հայ մշակոյթի եւ ազգային դաստիարակութեան։

Այնուհետեւ, գնահատեց Գեղարուեստական Ղեկավար՝ Լեւոն Արապեանին, որուն յանձնառու եւ տքնաջան աշխատանքի արդիւնքն էր ելոյթի յաջողութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ բոլոր կամաւորները, որոնք իրենց ժամանակը, ջանքը եւ սէրը ի սպաս դրին այս գեղեցիկ ձեռնարկի յաջողութեան։

Վերջապէս, գնահատեց բոլոր մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ անոնց նուիրեալ ծնողներուն, որոնք քաջալերեցին իրենց զաւակները, մասնակցելու այս մշակութային ձեռնարկին։

ԴԻՒԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ