Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2025-ին, Առաջաւորաց Պահքի եռօրեայ ծոմապահութեան աւարտին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ վաղ առաւօտեան ժամը 6-ին, խաչահանգիստ – Ջրօրհնէք, Կարգ Ապաշխարութեան եւ Ս. Հաղորդութեան մատակարարում կատարուեցաւ:
Արարողութեան ներկայ էին, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, Սարկաւագաց դասը, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութեամբ ուխտաւոր հաւատացեալներ:
Աւարտին, եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի կողմէ սարքուած նախաճաշի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ: