Խօսելով Աստուծոյ մասին՝ Սուրբ Օգոստինոս իր «Խոստովանութիւններ» գիրքին մէջ կ’ըսէ. «Եթէ հասկցար, չի կրնար այդ մէկը Աստուած ըլլալ» (If you understood, it would not be God): Բայց նոյն ժամանակ կ’ընդգծէ, որ անհասանելին Աստուած անդադար յարաբերութիւն կ’ուզէ մշակել մարդկութեան հետ։
Այդ գիրքը Սուրբ Օգոստինոսին անձնական վկայութիւնն է՝ Աստուծոյ մասին, որ ամենազօր ու անսահման է՝ վեր ամէն մտքէ եւ խօսքէ, բայց միաժամանակ մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ Իր սիրով եւ ողորմութեամբ կը հանդիպի։ Օգոստինոս կը շեշտէ, որ ինք զԱստուած ճանչցաւ ոչ թէ իր կարողութիւններուն շնորհիւ, այլ որովհետեւ Աստուած Ինք թափանցեց իր կեանքէն ներս։ Ան կը յիշեցնէ մեզի, որ եթէ «Աստուած չի ճանչցուիր» ըսենք, անուշադիր կը դառնանք այն խորհրդաւոր իրականութեան հանդէպ, թէ անճանաչելին Աստուած ընտրած է ճանչնալ մեզ։
Մենք շատ յաճախ կը խօսինք Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ Քրիստոսի կատարած հաշտութեան, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին մասին։ Սակայն կը մոռնանք, որ Քրիստոս ոչ միայն փրկիչ է, այլ նաեւ Աստուծոյ յայտնութիւնն է։ Քրիստոսի մէջ Աստուած յայտնեց Իր էութիւնն ու կամքը։
Ուրեմն, մենք զԱստուած կը ճանչնանք Իր յայտնութեան շնորհիւ, եւ կրնանք Անոր մասին խօսիլ, քարոզել ու մեր կեանքը առաջնորդել։
Սաղմոս 139-ը սքանչելի իրականութիւն մը կը հաստատէ՝ «Երկինք ելլեմ՝ հոն ես դուն, մեռելներու աշխարհը իջնեմ՝ դարձեալ հոն ես դուն… աչքերդ տեսան զիս երբ դեռ նոյնիսկ կազմաւորուած չէի. Եւ ինծի տրուած կեանքի բոլորը օրերը քու գիրքիդ մէջ գրուած էին՝ նոյնիսկ դեռ սկիզբ չառած»։ Աստուած մեզի հետ է մեր կեանքի ամէն հանգրուանին՝ ստեղծագործ-ութեան պահէն մինչեւ մեր օրերը։ Աստուած անհասանելի է, անըմբռնելի է, բայց Ինք կը մօտենայ Մեզի Իր սիրով ու ներկայութեամբ՝ փոխելով մեր մտածելակերպն ու կեանքը։
Պօղոս առաքեալ եւս Գործք Առաքելոցի 17-րդ գլխուն մէջ, Աթէնքի Արիսպագոսին մէջ խօսք մը արտասանեց։ Իր այդ խօսքին մէջ առաքեալը կ’ըսէ թէ մարդկային միջոցները չեն կրնար Աստուած ճանաչելի դարձնել մեզի. անոր համար Յիսուս Քրիստոսը պէտք ունինք եւ Քրիստոսով Աստուծոյ կեանքին մէջ պէտք է մասնակցինք։
Ուրեմն, մեր ջանքերով չէ, այլ Աստուծոյ շնորհիւ է որ կը ճանչնանք զինք։ Սակայն այդ ճանաչման մէջ մեր մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է։ Մենք Աստուծոյ յայտնութեան կը մասնակցինք՝ հրաժարելով մեր մեղքերէն, մեր անձնական կուռքերէն եւ ամէն չար բաներէն եւ կրնանք Աստուծոյ մասին խօսիլ
- Օգտագործելով Աստուծոյ մասին համեմատութիւնները.
Երբ կը խօսինք Աստուծոյ մասին, բառերն ու պատկերները ամբողջութեամբ չեն ներկայացներ Անոր մեծութիւնը, բայց կ’օգնեն մեզի հասկնալ Անոր որոշ կողմերը։ Օրինակ՝ երբ կ’ըսենք Աստուած Հայր է, մարդկային տրամաբանութեամբ հայրութիւնը չէ որ կը հասկնանք, այլ Աստուծոյ ունեցած հայրական խնամքն ու պաշտպանող նկարագիրը։ - Կեդրոնանալով կարեւորին վրայ.
Մի՛ կեդրոնանաք այդ բաներուն վրայ, որ կարելի չէ ըսել եւ գիտնալ Աստուծոյ մասին. այլ այն բաներուն վրայ որոնք հասանելի են մեզի։ Օրինակ, երբ ըսենք Աստուած սէր է, ամբողջութեամբ չենք հասկնար այդ սիրոյն սահմանները։ Բայց անիկա բաւարար է յիշելու, որ Աստուծոյ սէրը մարդկութեան կը վերաբերի, Աստուծոյ սէրը մեզի հետ Իր կապուածութեան մասին է. ուստի, կարելի է մեզ սիրող Աստուծոյն հետ յարաբերիլ եւ Անոր ձեռք երկարել։ - Աւետարան կարդալով.
Աստուած կ’երեւի եւ կը յայտնուի ուր որ կ’ուզէ եւ որքան որ կ’ուզէ։ Բայց սուրբ եկեղեցին, Աւետարանը կը հռչակէ այն վայրը, ուր Աստուած կը յայտնուի մարդոց։ Աւետարանի ընթերցումը եւ ուսումնասիրութիւնը մեզի կը փոխանցեն Աստուծոյ մասին։
Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան