Երկուշաբթի 28 Սեպտ.2026-ի առաւօտ, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի այցելեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի Դիւանապետ՝ Տիար Վարդան Մաթէոսեան։
Յարգելի հիւրը Թորոնթօ կը գտնուէր Համազգայինի յատուկ հրաւէրով։ Ան դիմաւորուեցաւ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւի կողմէ։ Տէր Հայրը յանուն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչին եւ Հոգաբարձութեան ողջունեց հիւրին, ապա ծանօթացուց համայնքի եւ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին։ Տիար Վարդան շնորհակալ գտնուեցաւ տրուած տեղեկութեան եւ բարձր գնահատեց համայնքի լայնածաւալ գործունէութիւնը։