ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ 45 ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ

Բարձր հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդարանի Ուսումնագիտական Բաժանմունքին, Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2026-ին, տեղի ունեցաւ բաժանմունքիս կազմակերպած տարեկան Ֆորում-համագումարը։

Մասնակիցներու շարքին էին՝ Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց խումբի եւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ լուռ աղօթքի խումբի անդամներ։ Համագումարին ներկայ էին նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ տեարք Համբիկ Գարայեան եւ Զաւէն Չոքաքլեան։

Համագումարի օրը սկիզբ առաւ Առաւօտեան Ժամերգութեամբ, իսկ միջօրէին տեղի ունեցաւ Ճաշու Ժամերգութիւն։

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան տեսագրուած պատգամով ողջունեց համագումարի մասնակիցները՝ փոխանցելով իր հայրական օրհնութիւններն ու քաջալերանքը երիտասարդներուն եւ մասնակիցներուն։

«Սիրելի երիտասարդներ, դուք միայն եկեղեցւոյ ապագան չէք. դուք եկեղեցւոյ ներկան էք։ Ձեր ձայնը, գաղափարները, ծառայութիւնը եւ ներկայութիւնը էական են մեր հաւաքական կեանքին համար։ Մենք այսօր եկած ենք ձեզի հետ խօսելու, լսելու ձեզ եւ միասին կերտելու մեր Եկեղեցւոյ ապագան», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

Համագումարի նիստերը վարեց Ուսումնագիտական Բաժանմունքի պատասխանատու՝ Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, որ ողջունեց ներկաները, ներկայացուց օրուան դասախօսները եւ առաջնորդեց քննարկումները։

Օրուան յայտագիրը կեդրոնացած էր ժամանակակից կեանքին առնչուող երկու այժմէական նիւթերու վրայ՝ արհեստական բանականութեան ազդեցութիւնը մարդկային յարաբերութիւններուն եւ ձայնային արհեստագիտութեան կիրառումը քաղցկեղի բուժման մէջ։

Առաջին դասախօսութիւնը՝ «Արհեստական Բանականութիւնը (AI) եւ մարդկային յարաբերութիւններու ապագան», ներկայացուց Ռաֆայէլ Արաքելեան՝ Accenture ընկերութեան կիբերանվտանգութեան պատասխանատու։

Անդրադառնալով արհեստական բանականութեան ընձեռած կարելիութիւններուն եւ անոր յառաջացուցած մարտահրաւէրներուն՝ ան հետաքրքրական զուգահեռ մը գծեց Եդեմի պարտէզի աստուածաշնչական պատումին հետ, անդրադառնալով առաջին իսկ մարդուն մէջ առկայ՝ առաւել գիտելիքի եւ տեղեկութեան ձգտումին։

Երկրորդ դասախօսութիւնը՝ «Խօսքի ուժը. քաղցկեղի բուժումը ձայնի միջոցով», ներկայացուց Տոքթ. Րաֆֆի Չարշաֆեան՝ գերձայնային (Ultrasound) բուժման գիտաշխատող եւ դասախօս։ Ան մասնակիցներուն ներկայացուց քաղցկեղի հետազօտման մէջ արձանագրուած զարգացումները եւ ձայնի վրայ հիմնուած նոր արհեստագիտութիւններու կարելիութիւնները քաղցկեղի բուժման մէջ։

Գիտութեան եւ հոգեւոր կեանքին միջեւ ուշագրաւ զուգահեռ մը գծելով՝ Տոքթ. Չարշաֆեան ընդգծեց, որ մեր խօսքերը կարեւոր են եւ կրնան դրական կամ բացասական ազդեցութիւն ունենալ։ Ինչպէս ձայնային ալիքները կրնան ներգործել մարդկային մարմնի բջիջներուն վրայ, այնպէս ալ մեր արտասանած խօսքերը մեծ ներգործութիւն ունին մեր կեանքի վրայ։ Աւելի խոր հոգեւոր մակարդակի վրայ ան անդրադարձաւ Աստուծոյ Խօսքին վերափոխիչ զօրութեան՝ շեշտելով, թէ աստուածային Խօսքը կրնայ կերպարանափոխել մեր կեանքը։

Դասախօսութիւններէն ետք մասնակիցները բաժնուեցան փոքր քննարկման խումբերու, ուր առիթ ունեցան խորացնելու ներկայացուած նիւթերը, փոխանակելու տեսակէտներ, հարցադրումներ կատարելու եւ միասնաբար խորհրդածելու գիտական ու արհեստագիտական այս զարգացումներուն՝ մարդկային կեանքին, յարաբերութիւններուն եւ հասարակութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն մասին։

Օրուան հաճելի բաժիններէն մէկը բացօթեայ ճաշն էր, որ մասնակիցներուն եւ դասախօսներուն առիթ ընծայեց մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հաղորդակցելու, զրուցելու, գաղափարներ փոխանակելու եւ նոր բարեկամութիւններ հաստատելու։

Առաջնորդարանի Ուսումնագիտական Բաժանմունքը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ստեղծելով միջավայր, ուր կարելի կը դառնայ, Եկեղեցւոյ ուսուցման լոյսին տակ, քննարկել ժամանակակից կեանքի, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան կարեւոր հարցերը՝ միաժամանակ ամրապնդելով Հայ երիտասարդին ու, առ հասարակ, Հայ հաւատացեալին կապը իրարու եւ Եկեղեցւոյ կեանքին հետ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ