Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, 2025 Յունուարին, Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքը համագործակցութեամբ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ մանկապատանեկան կայքի եւ ալիքի հիմնադիր-խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեանին (Հայաստան) մեկնարկեց «Շողան» ծրագրի չորրորդ շարքը՝ «Շողանի Այբուբենը», որ իր առաջին մասով (12 տեսանիւթ) նախատեսուած է նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն համար, իսկ յառաջիկայ երկրորդ մասով՝ առաջին դասարանի աշակերտներուն համար։
«Շողանի Այբուբենը» ծրագրի առաջին շարքը կը սկսի ձայնաւոր տառերով, ապա բաղաձայններով, որոնք ներկայացուած են համապատասխան բառերով եւ կարճ նախադասութիւններով։ Տառերը սորվեցնելու զուգահեռ նաեւ կը հարստացնէ երեխաներու բառապաշարը։
Շարքի երկրորդ մասով նախատեսուած է ձայնաւորները կցել բաղաձայններուն, կազմել բառեր, սորվեցնել տառին գրելաձեւն ու իւրաքանչիւր տառին համապատասխան քառեակները։
Բաժանմունքը աւելի քան 5 տարիներէ, որ մանկապատաներկան «Շողան» Ծրագրով կը միտի կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբել մատղաշ սերունդին, որպէսզի լիցքաւորուի հայկական աւանդութիւններով եւ քրիստոնէական արժէքներով։ Ազգային Առաջնորդարանը նմանատիպ ծրագրերու շարունակականութեամբ իր ներդրումը կ՚ունենայ հայոց լեզուի եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի զարգացման կարեւոր գործին մէջ։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի